Հրաչ Քալսահակեան
Hrach Kalsahakian analyzes the general aspects related to the development of the Armenian community in Syria, from the Genocide up to the contemporary times, giving examples of the social and economic factors that have affected in shaping of the community and developing its current leadership and how these factors have influenced the choices made in the ongoing political crisis. He examines Armenia's role in this context and in a wider perspective, highlighting the circumstances that enables it to play a substantial role in the future.
Սուրիահայ գաղութը, Միջին Արեւելքի հայկական այլ գաղութներու նման, ենթակայ եղած է ամէն տեսակի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վերիվայրումներու:
Յայտնի է, որ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք գաղութը ունեցած է ստուար թուաքանակ, բայց տասնամեակներու ընթացքին այդ թիւը նօսրացած է ներգաղթի (դէպի Հայաստան) եւ արտագաղթի (դէպի Եւրոպայ, Ամերկայ եւ այլուր) պատճառներով:
Անցեալ դարու յիսունական թուականներուն, արաբական ազգայնական հոսանքին հետեւանքով, սուրիահայութիւնը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ սեղմումներու, կարգ մը համայնքային ղեկավարներ հալածուեցան, դպրոցները փակուեցան, իսկ վերաբացուելէ ետք դրուեցան պետական մանրակրկիտ հսկողութեան տակ, հայկական դասապահերը խիստ կրճատուեցան եւ հայերէնին տրուեցաւ կրօնական ծիսակատարութիւններու լեզուի կարգավիճակ: Պաղ պատերազմի հետեւանքով հայութիւնը ծանր վնասներու ենթարկուեցաւ:
Տնտեսական առումով Սուրիան հետըզհետէ որդեգրեց կեդրոնացուած ծրագրաւորումի քաղաքականութիւն, պարագայ մը որ շատ մը կէտերու մէջ նմանութիւններ ունէր նախկին Սովետական Միութեան հետ: Հայերու եւ այլ հատուածներու վայելած տնտեսական յարաբերական բարօրութիւնը մեծ մասամբ արդիւնքն էր արտաքին պարագայական ազդակներու: Օրինակի համար, Լիբանանի տնտեսական քայքայումը, Իրաքի շրջափակումը, Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնումը, եւայլն, այս կամ այն ձեւով ծառայեցին երկրի հայութեան տնտեսական յարաճուն վիճակի ապահովման, պարագայ մը որ անոնց մղեց նիւթապէս բաւարար զգալու եւ շարունակելու ներքին ինքնամփոփ կեանքը:
Ըլլալով միշտ ապաքաղաքականացուած, հայութեան (եւ շատերուն) համար անսպասելի էին սուրիական քաղաքական իրավիճակի ներկայ զարգացումները, այն աստիճան որ ութ ամիսներ ետք սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը տակաւին կը շարունակէ ուրանալ զարգացումները եւ կը յամենայ կարծել թէ ամէն ինչ կրնայ նոյն վիճակին դառնալ:
Ապագայ դրութիւնը, իմ անձնական կարծիքով, վատ չի կրնար ըլլալ հայերուն համար: Նախ պէտք է ըսել որ հայերը այնքան աննշան փոքրամասնութիւն են 23 միլիոն հասնող բնակչութեան մը համար, որ իրենց դէմ կանխամտածուած հաւաքական վնաս կարելի չէ ակնկալել: Անոնք տակաւին կը վայելեն ճարտար քաղաքացիի համբաւ, բայց անշուշտ բարոյական առումով արժէզրկուած պիտի ըլլան եթէ չկարենան, թէկուզ ուշացած, համասուրիական ժողովրդավարական տեսլականին հետ առնչուիլ: Կը խորհիմ թէ սուրիահայութեան մեծ մասը պիտի շարունակէ ապրիլ իր կեանքը սովորականին նման, քանի որ ապագայ Սուրիան պերճանքը պիտի չունենայ անցեալի սխալները կրկնելու, իսկ երկրի տնտեսական յառաջդիմութիւնը եւ զարգացումը կարեւոր բնագաւառներ են, ուր հայերու ներդրումը արժէք կրնայ ներկայացնել:
Տարիներու ընթացքին սուրիահայ գաղութին մէջ ձեւաւորուեցաւ այնպիսի ղեկավար խաւ մը որ, օսմանեան օրերէն ժառանգուած եւ անկախ Սուրիոյ մէջ պաշտօնապէս ամրագրուած իրաւունքներով օժտուած, համատարած վարեց գաղութին գործերը՝ զարկ տալով մշակութային, ընկերային, կրօնական եւ շինարարական աշխատանքներուն: Հայախօս գաղութ ըլլալը դարձաւ կարեւորագոյն դրամագլուխ: Բայց փաստը կը մնայ այն, որ գաղութի ներքին կառոյցները կը տառապին այդ խաւի տասնամեակներու տիրապետութենէն: Գոնէ մարդուժի առումով, յստակ է, թէ մեծ թիւով արհեստավարժ եւ մասնագէտ մարդիկ հեռու մնացած են ազգային հասարակական կեանքէն՝ սոյն վերնախաւին մենատիրական ախորժակներուն պատճառով:
Հայ ղեկավարութիւնը կրնար անշուշտ աւելի հաւասարակշռուած մօտենալ Սուրիոյ մէջ ծաւալուող նորագոյն զարգացումներուն նկատմամբ, մանաւանդ որ կայ նախկին փորձ մը, երբ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ չափազանց մօտիկութիւնը սուրիահայերը մղած էր զուսպ ըլլալ հայ դատի հետապնդումի եղանակներուն նկատմամբ: Ղեկավարութիւնը կրնար նոյն խոհեմութիւնը դրսեւորել նաեւ այսօր եւ չէզոքութիւն պահպանել: Այսքան տարի իր մասնակցութիւնը չունենալով սուրիական քաղաքական կեանքին մէջ, կրնար տարի մը եւս նոյն աննկատ կեցուածքը շարունակել: Այս, այնպիսի ժամանակ երբ սուրիական ընդիմութիւնը, հակառակ հազարաւոր զոհերուն, զինեալ լուծումի տարբերակէն հեռու մնալու անընդհատ հաւաստիքներ կու տար:
Հայութեան քաղաքական կեցուածքին մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Լիբանանի հայութեան մեծամասնութեան քաղաքական դիրքորոշումը սուրիական ներկայ վարչակարգին կողքին: Ասոր վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ հայերու աւանդական արդարացի անվստահութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ, կառավարութիւն մը որ օրըստօրէ կը դիրքորոշուի որպէս բարեկամ եւ դաշնակից սուրիացի ընդիմադիր հաւաքականութեան կողքին:
Որպէս հետեւանք, հայութեան մօտ ստեղծուած է երկրի մեծամասնութիւնը կազմող բնակչութեան նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտ, նոյն այդ բնակչութեան, որ հարիւր տարիներ առաջ ընդունած էր հայերը Ցեղասպանութեան ժամանակ եւ որու հետ հայերը տասնամեակներու գոյակցութեան եւ տնտեսական գործակցութեան փորձ կուտակած էին:
Սուրիահայութիւնը շարունակական արտագաղթի վիճակ մը կ'ապրի վերջին յիսուն տարիներուն, որու հետեւանքով գաղութին թուաքանակը հասած է վաթսուն հազարի սահամանները, իսկ հայախօսութեան տոկոսը օրըստօրէ կը պակսի: Արտագաղթը ընդունուած երեւոյթ դարձած է սուրիահայ ընտանիքներուն համար, որոնք ունին ազգականներ շատ մը երկրիներու մէջ: Չեմ խորհիր որ արտագաղթը կտրականապէս պիտի աճի յաջորդող տարիներուն: Արեւմուտքի երկրիները կրնան անշուշտ այդ հոսանքը աշխուժացնել շնորհելով մուտքի եւ ապրելու արտօնագրեր: Եթէ իրավիճակը փոխուի, առաջին հերթին սուրիահայը պիտի ուզէ Պէյրութ փոխադրուիլ, անկէ ետք այլ երկիր անցնելու հեռանկարով:
Անհատական մակարդակի վրայ սուրիահայը Հայաստան հաստատուելու հեռանկար չի հետապնդեր, իսկ հաւաքական մակարդակի վրայ այդպիսի աշխատանք տանող մարմին չկայ արդէն: Սուրիահայերուն համար յայտնի է թէ Հայաստանի կառավարութիւնը ի զօրու չէ ընդունելու եւ տեղաւորելու հայ զանգուածները: Միայն ֆիզիքական անմիջական վտանգի մը պարագային սուրիահայը պիտի փորձէ Հայաստան տեղափոխուիլ, անկէ առաջ սակայն նախապատուութիւնը տալով Լիբանանին: Ամէն պարագայի Հայաստան կրնայ ծառայել որպէս հանգրուան՝ յետագային, ֆիզիքական վտանգի սպառումէն ետք այլ տեղ գաղթելու:
Հայաստան Միջին Արեւելքի հայութեան կրնայ օգտակար դառնալ նախ եւ առաջ ինքնավստահ եւ հեռանկարային քաղաքականութիւն վարելով շրջանէն ներս: Կրնայ օգնել ժամանակակից խնդիրներուն նպաստաւոր լուծումներ առաջադրելով:
Երկարժամկէտ՝ Հայաստան կրնայ շրջանի հայութեան օգտակար դառնալ միայն երբ տնտեսապէս եւ քաղաքականօրէն ունենայ բաւականաչափ լծակներ: Դժբախտաբար, ներկայ վիճակը յոյս չի ներշնչեր նման կտրուկ փոփոխութեան մը հաշուոյն:
Մինչեւ որ Հայաստան նուաճէ այդպիսի կարգավիճակ, Միջին Արեւելքի հայերը անցած կ'ըլլան պատմութեան գիրկը կամ անյքան յարմարուած կ'ըլլան իրենց նոր եւ վերածաղկած միջավայրերուն, որ այլեւս Հայաստան անոնց համար կ'ունենայ խիստ վերացական արժէք:
No comments:
Post a Comment