14 February 2009

Ծիսական ժողովրդավարութիւն

Հրաչ Քալսահակեան

Ամէն կրօն եւ վարդապետութիւն իրեն յատուկ ծիսական բաժինը մը ունի, որ երբեմն այնքան տիրական կը դառնայ, որ նոյն այդ կրօնին կամ վարդապետութեան էութեանը վնաս կը հասցնէ։

Ժողովրդավարութիւնն ալ անկասկած իր ծիսապաշտական կողմն ունի, մանաւանդ մեր մօտ՝ ազգ մը, որ շատ անգամ միջազգային լրագրողներուն կողմէ յիշուած է որպէս Միջին Արեւելքի ամենէն յառաջադէմը։

Բայց խորքին մէջ մեր ժողովրդավարութիւնը տօնական օրերու յատուկ զարդարանքի կը նմանի։

Ակնարկ մը մեր համագաղութային մարմիններուն վրայ եւ պիտի անմիջապէս նկատենք թէ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ մարմիններէն միայն մէկը կամ երկուքը տարբեր մտածողութեան տէր անձերու ներկայութիւնը հանդուրժած են կամ կը հանդուրժեն։ Այս երեւոյթը ի հարկէ շեշտուած է մանաւանդ այսպէս կոչուած գաղափարական շրջագիծէն ներս, սակայն իր դրոշմը ձգած է նոյնիսկ մշակութային եւ երբեմն հայրենակցական միաւորումներուն վրայ։ Օրինակի համար, Էմիրութիւններու մէջ գործող Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան անդամներուն ընտրութեան չափանիշը, մշակութային հմտութիւնը կամ կարողականութիւնը չէ, իսկ Հալէպի մէջ գործող Ուր‎Ֆայի Վերածնունդ Միութեան անդամ կրնայ ըլլալ որեւէ այլ քաղաքէ սերած անձ՝ պայմանաւ որ գաղափարական գետնի վրայ ունենայ նախապէս սահմանուած տուեալներ։

Յարմարուած անձեր շատ կան, որոնց համար ազգային գործը ժամանցի մէկ տեսակ է, ուրեմն ինչո՞ւ այդ պահերը չբաժնել նոյն նախասիրութիւնները ունեցող անձերու հետ։ Այսպիսիներուն համար, ամէն գնով ժողովրդավար ըլլալը երբեք ալ ձեռնտու չէ: