Հրաչ Քալսահակեան
Երկու տարիէ ի վեր կ'ըսէինք որ մենք հայերս թիրախ չենք Սուրիոյ մէջ, այլ միւս քաղաքացիներուն նման ենթակայ ենք ամէն
տեսակի դժուարութիւններու: Հիմա սակայն, ի՞նչ կրնանք
ըսել, երբ երկու
կողմերը
միեւնոյն
մահուան
պարը կը պարեն:
Մէկը
երկինքէն
տակարներ
կ'արձակէ՝
հնձելով
մեղաւորն
ու
անմեղ,
միւսը՝
ձեռքը
անցած
ամէն
միջոց
կ'օգտագործէ, դարձեալ հնձելով
մեղաւորն
ու
անմեղը:
Պարզապէս
մէկուն
ձեռքը
աւելի
մեծ
աւեր
սփռելու
միջոցներ
կան,
իսկ
միւսին
ձեռքը
տակաւին
չեն
անցած
այդ
միջոցները:
Ամենէն վատը անշուշտ հարցին անհեռանկարային ըլլան է, այն աստիճան
որ
այլեւս
մէկը
հետաքրքրուած
չէ
Ժնեւ
2 ժողովով:
Ի՞նչ
իմաստ
ունի
ժողով
մը, երբ կողմերը հոն պիտի ներկայանան, պարզապէս ներկայութիւն արձանագրելու սիրոյն՝ իւրաքանչիւրը, ձանձրոյթ պատճառելու աստիճան
կրկնելու
արդէն
իսկ
մեզի
ծանօթ
տեսակէտները:
Եթէ Ամերիկան եւ Իսրայէլը կ'ուզէին Սուրիան քիմիականօրէն զինաթափել, ուրեմն
հասած են իրենց նպատակին:
Եթէ Ռուսիան կ'ուզէր Սուրիոյ ծովուն մէջ յայտնաբերուած կազի արտադրութեան մէջ կարեւոր
բաժին
ունենալ,
արդէն
հասած է իր նպատակին եւ կրնայ օգտուիլ այդ առիթէն, նոյնիսկ եթէ երկիրը մասնատուի
եւ
ծովեզերքը
կիսանկախ
կամ լրիւ անջատ միաւոր դառնայ:
Եթէ Քիւրտերը Սուրիոյ մէջ ինքնիշխանութիւն կը փնտռէին, արդէն հասած են իրենց
նպատակին
եւ
այլեւս
իրենց
շրջաններուն
մէջ
տիրական
ուժ կը
ներկայացնեն՝ լաւապէս օգտագործելով նախկին պետական
լծակները:
Եթէ Սուննի Իսլամները կը փափաքէին իրենց շրջաններուն մէջ իսլամական
իշխանութիւն ստեղծել, արդէն փաստօրէն այդպիսի վիճակ կը տիրէ հոն:
Եթէ Նախագահ Ասատ կը ցանկար իշխանութեան վրայ մնալ եւ 2014ին նախագահական ընտրութիւններուն որպէս թեկնածու ներկայանալ, այդ բանն ալ դժուար
չէ իրականացնել՝ արդէն 2014ի դռներն ենք:
Ալեւիներն
ալ
շահաւոր
են Սուրիոյ
դէպքերէն, որովհետեւ հազարաւոր զոհեր տալով բարոյական իրաւունք ունեցան իրենց ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ կիսանկախութիւն կամ անկախութիւն կերտելու,
եթէ օրին
մէկը միացեալ Սուրիոյ մը հեռանկարը անիրագործելի դառնայ:
Թուրքիան ալ շահաւոր
է, որովհետեւ մէկ միլիոն
Սուրիացի
գաղթականներ
ընդունեց, որոնք կրնան ապագային լաւ հիմք
կազմել
հարաւ-արեւելեան
Թուրքիոյ
շրջաններու
զարգացումին համար: Հալէպի նման պատմական վաճառականական հզօր քաղաքի
մը
կործանումէն
ետք, հաւանական է, որ Ատանան
կամ
Այնթապը
դառնան
Հալէպը
փոխարինող
շրջանային
զարգացման կարեւորագոյն հանգոյցները:
Իրանը ի հարկէ մեծագոյն շահողներէն է, որովհետեւ կրցաւ իր դէմ
շղթայազերծուած տնտեսական շրջափակումը թեթեւցնել, առանց խախտելու իր դիրքերը Մերձաւոր
Արեւելքի մէջ եւ առանց նաեւ վերջանականօրէն հրաժարելու միջուկային ուժի գործածութեան
իրաւունքէն:
Իսկ մենք ի՞նչ շահեցանք՝
Մենք շահեցանք տասը հազար հայեր, որոնք
Հայաստան
ապաստանեցան եւ որոնց կէսը գոնէ կրնայ գոյատեւել Հայաստանի մէջ:
Հասկցանք
թէ Հայաստան
տակաւին
չէ հասած
այն մակարդակին, որ կարենայ տէր կանգնիլ աշխարհացրիւ հայութեան տկար հատուածներուն:
Իսկ Հալէպի մէջ այն համոզումը սկսաւ գոյաւորուիլ, թէ կարելի
չէ ապրիլ որպէս կրօնական անզօր փոքրամասնութիւն, անապահով քաղաքի մը մէջ, ուր իշխանութիւնը
չի կրնար ինքզինք պարտադրել:
Ուրեմն մեր շահը առայժմ աւելի ինքնաճանաչման մէջ կը կայանայ,
հակառակ որ պիտի գտնուին շատեր, որ պիտի պնդեն թէ այդ բնագաւառին մէջ ալ մեր նուաճումները
աչքառու չեն եւ թէ կրնայինք աւելի ուսանելի դասեր քաղել այս դառն փորձառութենէն:
No comments:
Post a Comment