Գրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան
Դեր 2011 չմտած արդէն սկսանք լսել Հայաստանի անկախութեան քսանամեակի տօնակատարութիւններուն մասին: «Քսան տարեկան պիտի ըլլայ մեր պետականութիւնը եւ պէտք է նշենք այդ պանծալի առիթը», ըսուեցաւ եւ շուտով պետական ծրագիր մէջտեղ դրուեցաւ:
Պահ մը կը մտածեմ: Վերջին քսան տարիներուն սփիւռքահայութեան քանի՞ տոկոսը ապրեցաւ Հայաստանի հոգերով, զգաց թէ մաս կը կազմէ այդ երկրին կամ նուազագոյնը հաղորդուեցաւ անոր լուրերով:
Կը շարունակեմ մտածել: Հայաստանի բնակչութեան քանի՞ տոկոսը այսօր կը զգայ թէ անկախ հայրենիքի մը բարիքները կը վայելէ՝ իր տուածին չափ կամ նոյնիսկ ատկէ աւելի:
Քսաներորդ տարեդարձը ի հարկէ նշելի թուական մըն է բայց ի՞նչ ձեւով պէտք է զանիկա նշենք:
Տօնակատարութիւնները պիտի չհրապուրեն 20 տարի իր առօրեայով կլանուած սփիւռքահայուն, որ տակաւին նոյնիսկ երկքաղաքացիութեան քայլին չէ դիմած, պիտի չներգրաւեն հայերէն չգիտցող եւ գրեթէ օտարացած զանգուածը:
Տօնակատարութիւնները պիտի չխանդավառեն աղքատութեան եւ անարդարութեան թոհուբոհին մէջ յայտնուած նախկին սովետական քաղաքացիին որ սկսած է կասկածանքով վերաբերիլ ազատութեան եւ անկախութեան գաղափարներուն:
Տասնամեակ մը առաջ երբ կը տօնուէր անկախութեան տասերորդ ամեակը ու յետադարձ ակնարկով մը յայտնի կը դառնար թէ նախորդող շրջանին երկիրը մասնաւոր բան մը իրականացուցած չէր, հետեւեալ միտքը շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ՝ «Տակաւին ընդամէնը տասը տարեկան մանուկ մը է Հայաստանը, որուն գլուխէն բաւական փորձանքներ անցած են: Վաղը կը մեծնայ եւ կը զօրանայ»:
Այդ ժամանակներէն տասը տարիներ եւս թաւալած են եւ անցեալի մանուկը դարձած է երիտասարդ: Անոր հետ մեծցած են հոգերը եւ ստացած աւելի լուրջ տարողութիւն: Ան այլեւս ինքն իր աչքերով կրնայ տեսնել թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է եւ ինպիսի՞ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի: Աւելին, ան կրնայ լաւապէս հասկնալ թէ ի՞նչ պատճառներով անոր յառաջդիմութիւնը կասեցուած է կամ սահմանափակուած:
Շատ դիւրին է տօնել 20 ամեակ, 25 ամեակ, 30 ամեակ եւայլն: Այդպիսի առիթներ փախցնելու մէջ յայտնի չենք եղած: Եթէ հարկ ըլլայ պատրաստ ենք նոյն ուժգնութեամբ տօնելու նաև սովորական ամեակներն ալ:
Բայց եկէք պահ մը կանգ առնենք եւ փոխարէնը տօնենք այն ինչ որ իսկապէս իրականացուցած ենք՝ այսինքն տօնենք շօշափելին, թէկուզ 20 ամեակի կամ այլ ամեակի տարազին ներքեւ:
Շարժա, ԱՄԷ
No comments:
Post a Comment