Գրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան
Թուրքիոյ աշխոյժ դերակատարութիւնը շրջանէն ներս արաբ մեծամասնութեան կողմէ ողջունելի քայլ կը նկատուի, մանաւանդ որ արաբները երկար ժամանակէ իվեր անիրաւուած եւ անտեսուած ըլլալու հոգեվիճակ մը կ՛ապրին, յատկապէս պաղեստինեան հարցի գծով:
Թուրքիոյ մուտքը շրջանէն ներս սկզբնական շրջանին մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ զօրակից մը գտած ըլլալու համատարած զգացում առթնցուց արաբ զանգուածին մօտ: Քիչ մը նուազած է հիմա այդ հոսանքը, մանաւանդ որ շրջանի վարչակարգերը այնքան ալ հաշտ աչքով չեն նայիր Թուրքիոյ յառաջխաղացումին, քանի որ ատիկա կրնայ իրենց վերապահուած դերը նսեմացնել (օրինակի համար Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ վայելած պատմական հեղինակութիւնը արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ կրնայ վնասուիլ): Արաբ մտաւորականներու եւ լրագրողներու տոկոս մը կայ որ կ՛անդրադառնայ թէ Թուրքիա զուտ իր շահերէն մեկնած է որ կը ձեռնարկէ այս շրջադարձին:
Շիա հաւատքին հետեւող զանգուածներն ալ (Իրանի, Իրաքի, Պահրէյնի եւ այլ երկիրներու մէջ) դաւանական պատճառներով դիւրաւ չեն կրնար ընկալել Էրտողանի կամ Թուրքիոյ վերագրուած Տաւոսի եւ Կազայի «յաղթանակ»ները:
Հարց կը տրուի, թէ Թուրքիա որքան պատրաստակամ է իր վարքագիծը ամբողջութեամբ փոխելու եւ Արեւմուտքէն հեռանալու: Փաստը կը մնայ սակայն, թէ երկու երկիրներու՝ Իսրայիլի եւ Թուրքիոյ միջեւ ոչ մէկ ծանրակշիռ զինուորական համաձայնագիր ջնջուած կամ նոյնիսկ առկախուած է: Արաբ մամուլը անհամբեր կը սպասէ լսել նման զարգացում, հաւատալու համար թէ Թուրքիա գործնական քայլերու կը դիմէ՝ հեռանալով անցեալի իր դաշնակիցէն:
Շատ մը արաբներ պատրաստ են ներելու Թուրքիոյ ութսուն տարուան հեռացումը արաբական եւ իսլամական աւազանէն ու կը սպասեն Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած ընթացքին մէջ աւելի խրախուսական նշաններ տեսնել, որպէսզի վերջնականօրէն այդ տարիներու Թուրքիոյ պաղարիւն կեցուածքը Աթաթուրքեան քաղաքականութեան վերագրեն:
Որքան ատեն որ արաբական պետութիւնները, ժողովրդավարական, քաղաքական եւ տնտեսական առումով տկար ըլլան, այնքան աւելի պիտի սաստականան թրքական ներթափանցման ճիգերը: Թուրքիա բազմահարիւր միլիոն տոլարներու ներդրումներ ունի արաբական երկիրներուն մէջ եւ դէպի այդ երկիրները կ՛արտահանէ իր ապրանքներուն եւ ծառայութիւններուն նշմարելի մէկ տոկոսը:
Օգտագործելով այդ հնարաւորութիւնները, կասկած չկայ թէ Թուրքիա պիտի փորձէ պարտադրել իր քաղաքական հաշուարկները շրջանի դիւրաբեկ վարչակարգերուն վրայ՝ երբեմն դիւանագիտութեան եւ երբեմն ալ քօղարկուած սպառնալիքի խողովակով:
Հայեր ընդհանրապէս ներքին գաղութային եւ արտաքին մշակութային եւ քաղաքակրթական դիմագիծով կը շարունակեն իրենց ներկայութիւնը պահպանել շրջանէն ներս:
Նկատի առած, որ արաբական երկիրները ընդհանուր առմամբ ժողովրդավար կառոյց չունին եւ հայեր հոն – ընդհանուր բնակչութեան նման - արդէն մասնայատուկ քաղաքական աշխատանք տանելու հնարաւորութենէ զուրկ են, թրքական տեւական բնոյթ ունեցող միջամտութիւն մը այդ պայմաններուն տակ անհրաժեշտ պիտի չթուի:
Հայեր միայն Լիբանանի մէջ ունին շեշտակի քաղաքական գործունէութիւն, որուն վրայ հիմնովին ազդելը տակաւին հեռու է Թուրքիոյ քաղաքական կարողութենէն, մանաւանդ որ հայերը լիիրաւ դաշնակիցներ ունին լիբանանեան ճակատին վրայ, իսկ հայ մեծամասնութեան դաշնակից չնկատուող կողմերը ունին հայերու հետ կապուած որոշ շահեր:
Այս տարուան Ապրիլին Լիբանանի ներքին ապահովական մարմինները խափանեցին հեռատեսիլային սփռումը «Զարթիր որդեակ» յայտնի հայրենասիրական երգին, որ նոր կատարողութեամբ թողարկուած էր Այլին Խաչատուրեան անունով մեկնաբանի մը կողմէ: Տեսահոլովակը արտօնուեցաւ հեռատեսիլի կայաններէն սփռել միայն մէկ օր՝ Ապրիլի 24-ին, պատճառաբանելով թէ այդ սահմաններէն դուրս հեռարձակումը կրնար վրդովեցնել Թուրքիան: Տեղի ունեցածը աւելի նախազգուշական քայլ մըն էր եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգեր թէ ուղղակիօրէն չէր թելադրուած Թուրքիոյ կողմէ: Ամէն պարագայի, կարելի չէ կռահել թէ ճիշդ ինչ է պատահած քուլիսներուն ետին:
Այլ աւելի հնչեղ պարագայ մըն է ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Միջին Արեւելեան առաջին համագումարին խափանումը վերջին վայրկեանին՝ հարիւրէ աւելի մասնակիցներու Ամման, Յորդանան, ժամանումէն ետք, 3ունիսի առաջին օրերուն:
Երբ ամէն ինչ բնականոն կ՛ընթանար, վերջին րոպէին Յորդանանեան իշխանութիւններու գաղտնի սպասարկութեան պաշտօնեաները համագումարը կազմակերպելու թոյլատուութիւնը չեղեալ համարեցին եւ հրահանգեցին հիւրանոցին որ միջոցառումներու համար սրահ կամ յարմարութիւններ չտրամադրուի: Համագումարին կարգ մը զեկոյցներ պիտի արտասանուէին, շօշափելով համահայկական հարցեր, որոնց կարգին նաեւ հայոց ցեղասպանութիւնը, պարագայ մը որ ըստ երեւոյթին առաջնորդած էր թրքական հակազդեցութեան, հակառակ որ համագումարին միայն հայեր ներկայ պիտի գտնուէին:
Համագումարի մասնակիցները յուսախաբ տրամադրութեամբ քաշուեցան Յորդանանէն: ՀԲԸՄ-ը պաշտօնական որեւէ բացատրութիւն չհրապարակեց, հաւանաբար Յորդանանի հայերը նեղ կացութեան չմատնելու համար:
Տուեալներ կան թէ համագումարի նախօրեակին Ազրպէյճանական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելած է Ամման եւ տնտեսական մեծ նշանակութիւն ունեցող համաձայնագրեր ստորագրած Յորդանանի հետ՝ երկիր ուր Հայաստան տակաւին դեսպանութիւն չունի:
Ամէն պարագայի Յորդանանի մէջ տեղի ունեցածը չէ վնասած տեղւոյն հայութեան: Տեղական «Սպիտակ» պարախումբը կը շարունակէ ելոյթներ ունենալ հայ եւ արաբ բեմերուն վրայ, եկեղեցական եւ ազգային հասարակական եւ կրթական կեանքը կը շարունակուի սովորական կշռոյթով՝ հինգ հազար հաշուող Ամմանի հայկական գաղութին մէջ: Յորդանան գետի եզերքին, Յիսուսի մկրտութեան վայրին մէջ, քրիստոնեայ այլ համայնքներու կողքին, հայերուն ալ տրուած է հողաշերտ՝ այդտեղ եկեղեցի մը կառուցելու դիտաւորութեամբ, որպէսզի զարկ տրուի կրօնական զբօսաշրջիկութեան: Ներկայ դրութեամբ Յորդանան եւ արաբական այլ երկիրներ հայերը պիտի նախընտրէին ընդունիլ որպէս զբօսաշրջիկներ եւ ոչ որպէս քաղաքական զեկուցաբերներ:
Այս օրինակները անշուշտ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանան, թէ որքանով հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ պիտի կարենան պահպանել իրենց գոյութիւնը (յիշենք Իրաքի հայ գաղութին կրած վնասները), իսկ գոյութիւն պահպանելու դէպքին, որքանով անոնք ենթակայ պիտի ըլլան քաղաքական բնոյթ ունեցող դժուարութիւններու կամ սեղմումներու:
Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ տնտեսական վերիվայրումները տարիներու ընթացքին մղեցին տասնեակ հազարաւոր հայեր ապաստան փնտրելու այլ երկիրներ: Ափսոսալին այն է որ մեկնողներուն կողմնացոյցը Հայաստան չի թեքիր: Ցաւալի է նաեւ որ Հայաստան եւ Հայաստանի հայութիւնը հնարաւորութիւն եւ տրամադրուածութիւն չունին ներգրաւելու եւ սիրաշահելու Թուրքիոյ կողմէ արգելափակուած սահմանէն ոչ շատ հեռու գտնուող այս դիմացկուն հայերը:
Շարժա, ԱՄԷ
No comments:
Post a Comment