Գրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան
Քալիֆորնիա հրատարակուող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»-ը, իր 24 Յունիս 2010 թիւին մէջ ընդարձակ հարցազրոյց մը ունեցած է կուսակցութեան Հայաստանի կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարէն Կակոյեանին հետ:
Հարցազրոյցի աւարտին զրուցավարը կը փորձէ գրգռել Կակոյեանին եւ հարց կու տայ թէ ինչ կարծիք ունի այն «չար լեզուներուն» մասին, որոնք կը քննադատեն կուսակցութեան այս կամ այն գործունէութիւնը:
Տակաւին հարցը չլրացած Կակոյեան բառային տեղատարափ մը կը ստեղծէ թէ՝
«Ձեր նշած չար լեզուներին ուրիշ բան չի մնում անել, քան մեղադրել ու քննադատել եւ նրանք խիստ մասնագիտացել են դատարկամտութեան մէջ: Նրանք բոլորն էլ յայտնի են հասարակութեան իրենց ապազգային կերպարով, մանաւանդ երբեւիցէ չեն թացքրել իրենց անբարոյական վարքագիծը ու թշնամանքը մեր հանդէպ»:
Եւ այդքանը բաւարար չսեպած ան կ՛անցնի աւելի ահեղ բառապաշարի օգտագործումի, թէ՝
«Բոլոր տեսակի դատարկամիտներին ու բաշիբոզուկներին առաջարկում եմ լեզուները պարփակել ախոռակերպ բերաններում, իզուր չզազրախօսել, քանի որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ազգային ընթացքը հնարաւոր չէ կասեցնել, մանաւանդ որ մենք միշտ գործել ենք համազգային հարթութեան վրայ»:
Մեզի յայտնի չեղաւ թէ ինչը մղեց որ Պրն. Կակոյեան այդքան բորբոքի: Արդեօք ի՞նչ յիշեց ան այդ պահուն որ այդքան լարուած զգաց եւ այդպիսի բառային շարք մը արտասանեց:
Մեր կարծիքով նոյն միտքերը կարելի է արտայայտել աւելի հեզ եւ զսպուած կերպով՝ ընթերցողին մօտ ձգելով աւելի մեծ տպաւորութիւն:
Դատելով նոյնինքն իր բառերով, թէ ռամկավար կուսակցութիւնը միշտ գործած է «համազգային հարթութեան վրայ», ուրեմն պէտք է այդ հարթութեան արժէքը գիտնալ եւ յարգել թէ՛ խօսակիցը եւ թէ՛ ընթերցողը:
Որքան որ անձ մը թունաւորուած ըլլայ ուրիշներուն սադրանքներէն, այնուամենայնիւ քաղաքական գործիչի ցուպը կրելու պարագային այդքան դիւրագրգիռ կամ բռնկող պէտք չէ ըլլայ՝ սովորական հարցադրումի մը դիմաց:
Եթէ նոյն անձը իշխող կուսակցութեան մը անդամ ըլլար, ուրեմն ի՞նչ միջոցներու պիտի դիմէր ան հասնելու համար իր նպատակին եւ վերջնականապէս ձերբազատուելու ընդիմախօսներէն:
Տուպայ
No comments:
Post a Comment