14 May 2010

Հոգեբանութիւն փոխել

Հրաչ Քալսահակեան


Գրեթէ ամէն քայլափոխի Հայաստանի բնակչութեան վերաբերեալ այն միտքը կը հնչէ, թէ անոնք պէտք է իրենց հոգեբանութիւնը կամ մտածելակերպը փոխեն: Նոյնը եւ համազօր սուր միտքեր կը հնչեն նաեւ սփիւռքի նկատմամբ:

 Հայաստանի մէջ գրեթէ ամէն մարդ համամիտ է որ փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է, բայց ոչ ամէնը համաձայն պիտի ըլլան թէ ատիկա պահանջուած է հոգեբանական կամ մտածելակերպի մակարդակով:

Կը խորհիմ, թէ մէկ կողմը միւսին բաղադրատոմս ներկայացնելու «իրաւունք» կը ստանայ երբ անոր վստահութիւնը շահած ըլլայ: Նոյնիսկ անհատական մակարդակով չենք կրնար որեւէ ազդեցութիւն ունենալ մեր ընտանիքի անդամներուն կամ ընկերական շրջանակի վրայ, եթէ ազդեցութիւն ընկալողները համոզում չունենան մեր հեղինակութեան վրայ:

Այսօրուան դրութեամբ սփիւռք – Հայաստան ունին զիրենք միացնող հաստատ ենթահող, բայց չունին եւ չեն կրցած ապահովել այդ ենթահողին վրայ կառուցելու գործընկերային փոխ-վստահութեան մթնոլոտ:

 Չկարծուի թէ, այդ փոխ-վստահութիւնը հրամանով կամ նոյնիսկ համոզումով կու գայ: Ատիկա համատեղ ու երկարաշունչ գործընկերութեան խողովակով կ՛անցնի եւ կրնայ օր մը առաջնորդել մեզ դէպի այն ցանկալի վիճակը, երբ մէկ կողմէն ուղղուած որեւէ դիտողութիւն կամ խորհրդատուութիւն միւսին նկատմամբ կրնայ ընդունուիլ որպէս կարեւոր ներդրում եւ ոչ իբր մեղադրական կամ գերակայական դրսեւորում:

Թէ մտայնութիւն եւ թէ հոգեբանութիւն պէտք է փոխուին երկուստէք, բայց ատիկա արդիւնք պիտի ըլլայ այն բոլոր քայլերուն որ պիտի առաջնորդեն մեզ դէպի այդ կէտը:

Այլապէս, խօսելով փոփութիւններու մասին, ընդհանրական եւ քարոզչական ոճով, պարզապէս սանձարձակ ցանկութիւններ արտայայտած պիտի ըլլանք:

No comments: