13 October 2009

Կարեւոր մարտահրաւէր մը՝ զանգուածը ներգրաւել հասարակական կեանքին մէջ

Հրաչ Քալսահակեան

Վերջին օրերու անցուդարձերը (հայ – թրքական նախաստորագրուած համաձայնագրերուն հետ առնչուած) ցոյց տուին թէ քաղաքականապէս մեր գաղութները պատրաստ չէին ազգը յուզող եւ անոր շահերուն հետ կապուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Խօսքը չի վերաբերիր յախուռն ցոյցերուն, որքան վերոյիշեալ նիւթին մասին տեղեկատուութեան մակարդակին եւ վերլուծական ընդունակութիւններուն:

Հայութիւնը կարծես երկար թմբիրէ մը արթնցածի տպաւորութիւն ձգեց: Այնպէս մը եղաւ, որ ամիսներ, չըսելու համար տարիներ լճացած եւ ոչ մէկ քաղաքական կամ նոյնիսկ հասարակական թեմաներով զբաղող հայութենէն խնդրուեցաւ անմիջապէս կարծիք արտայայտել եւ աւելին՝ կեցուածք ունենալ:

Տասնամեակներ շարունակ հայութեան ազգային եւ հասարակական կեանքը լճացումէ - լճացում առաջնորդող տարրերը եւ հաւաքականութիւնները, պահանջեցին հայ ժողովուրդէն, որ ընդոստ ոտքի կանգնի եւ որպէսզի իրականանայ այդ մէկը, անոնք այնքա՜ն մեծ ահազանգ հնչեցուցին, որ շատերուն այնպէս թուեցաւ, թէ ամէն ինչ կորսնցնելու եզրին հասած ենք:

Հիմա որ, հայութեան ձայնը վայրկեանուան մը համար բարձրացաւ, արդե՞օք նոյն այդ փութկոտութեամբ պիտի չհրաւիրուի ժողովուրդը իր նախկին թմրածութեան: Չէ՛ որ շատերու համար անիկա այլ դեր չունի:

Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել ուրեմն:

Պէտք է սովորական օրերու ընթացքին ևս ներգրաւել ժողովուրդը հասարակական կեանքին մէջ, որպէսզի, ճակատագրական պահերուն, ան կարենայ հասուն մտածողութիւն ցուցաբերել եւ իր ազգային մտահոգութիւնները բնական կարգով հետապնդել:

2 comments:

Anonymous said...

It's all about the new generation and how to pave the ground to let them be involved in the political life , or any armenian life , it is not enough , as for now, to insist on learning armenian or talking armenian , there must be some other interesting and eyecatching pavements for the new generation to walk on , it doesn't mean that this is an excuse for them to be ignorant , they may know a little but they don't care , this also should not lead to the creation of a one united understanding of what is going around, kids are smart they just need the enthusiasm , to show them the begining of the thread and they will soon complete it till the other end , in a very unique way , but the important question is HOW ?

Raffi said...

Հետաքրքրական վերլուծական յօդուած մըն է հայ գաղութներուն ազգային հոգիին մասին եւ անոնց հետապնդումը՝ Հայաստանի հետ առնչուած հարցերուն եւ Հայկական Դատին մասին: Սակայն յայտնի չէր թէ ո՞ր գաղութին մասին կը մասնաւորէս: Եթէ ընդհանուր ակնարկ մըն է բոլոր Սփիւրքի գաղութներուն, պէտք է յիշեմ որ Լիբանանի գաղութը կամայ թէ ակամայ քաղաքական նիւթերուն հետ ամէն օր մօտէն կը հետեւի:
Իսկ եթէ ընդհանուր դժգոհութիւն է մեր ազգային ու հասարակական կարոյցներուն (եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, միութիւն,...), ատիկա իրականութիւն մըն է եւ երիտասարդ տառերուն հեռանալը հայկական միութիւններէն մեծ ապացոյց մըն է, որուն մասին լուրջ արշաւի եւ գործի պէտք է անցնին ներգրաւելու երիտասարդները: Այս նիւթով կ՛աջակցիմ հետդ Հրաչ: