11 April 2009

Ազգային պարտաւորութիւններէն հրաժարելու պատրուակ

Հրաչ Քալսահակեան

Ներկայ դարու կարգախօսը ամէնուն յայտնի է այլեւս՝ դուրս գալ տեղական պատեանէն եւ մտնել համաշխարհայնացումի հոսանքին մէջ։

Սոյն կարգախօսը իր գործնական դրսեւորումները սկսած է ունենալ գրեթէ ամէն տեղ, այն աստիճան որ դարեր շարունակ ազգ մը բնորոշող յատկանիշները վտանգուած են՝ նորագոյն այս երեւոյթին դիմաց։

Մենք ալ յաճախ քայլ կ՛ուզենք պահել ժամանակակից զարգացումներուն հետ։ Միջոցներ կը փնտռենք լաւագոյնս ընկալելու եւ հաղորդակից դառնալու աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը տեղի ունեցող անցուդարձերուն։ Բայց կը մոռնանք թէ քաղաքակիրթ աշխարհը նշեալ հանգրուանին հասած է աստիճանաբար՝ այսինքն նախ տեղական հասարակութեան մակարդակով բարելաւուած են հաղորդակցութեան եւ փոխ-հասկացողութեան կապերը՝ որմէ ետք սկիզբ առած են նաեւ աշխարհագրական մերձաւոր տարածքներուն հետ զանազան առընչութիւնները։ Ի վերջոյ կարգը հասած է համաշխարհայնացումին։ Ուրեմն ամուր հիմեր ունենալով է որ հասարակութիւնը կրցած է ստանձնել նորանոր պարտաւորութիւններ։

Մեր պարագային այդքան փայլուն կամ յուսադրիչ չէ իրավիճակը։ Չունինք մեր գաղութներուն մէջ հասարակական գործունէութեան առողջ տուեալներ։ Արժէք ներկայացնող անձերը արդէն հեռացուած են պաշտօններէ՝ հրապարակը յանձնելով այնպիսի անձերու, որոնք իրենց ակումբի կամ բարեկամական շրջանակներու սահմաններէն անդին տեսնելու ո՛չ հնարաւորութիւնը եւ ո՛չ ալ մանաւանդ կարիքը ունին։

Մերձակայ Իրաքի հայ գաղութին նկատմամբ մեր վերաբերմունքը պերճագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ վատառողջ մեր մտածողութեան։ Իրաքահայ աղիտահար գաղութը հետըզհետէ կը նօսրանայ։ Հոն գտնուողներուն ֆիզիքական գոյութիւնը ուղղակիօրէն վտանգուած է, իսկ մերձակայ հայկական գաղութները զօրակցական կամ մխիթարական խօսք անգամ չեն յղեր։ Ոչ մէկ զգացական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի բախտի քմահաճոյքին յանձնուած մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ, ոչ իսկ ձեւական որեւէ կարգադրութիւն կը ձեռնարկուի (նպաստի կամ օժանդակութեան հաւաք)։ Ոչ մէկ նշում կայ անոնց մասին ազգային մեր պաշտօնական կամ անպաշտօն հաւաքներուն կամ նոյնիսկ աղօթքներուն մէջ։

Այսքանն անգամ զլանալով նախկին մեր բախտակիցներուն (որոնց հետ պատմական նոյն փորձանքները կիսած ենք), ինչպէ՞ս ուրեմն իրաւունք պիտի ունենանք համաշխարհայնացումի մասին բարձրաղաղակ արտայայտուելու։

Տեղական պատեանէն դուրս գալու մեր հաւակնութիւնները, ազգային պարտաւորութիւններէն հրաժարելու պատրուակ պէտք չէ ծառայեն։