Հրաչ Քալսահակեան
Ազգային-հասարակական կեանքը շատերուն համար այն նոյն, միապաղաղ եւ ընդհանրապէս գուշակելի կեանքն է, որ եկած է անցեալէն եւ պիտի նոյնութեամբ շարունակուի՝ մինչեւ նոր տնօրինութիւն։
Շատ դժուար չէ նման կեանք մը պահպանելը (կամ քաշքշելը)։ Տարեկան մէկ-երկու հաւաք, աւանդական քանի մը յանձնախումբեր, պատահական կարգ մը միջոցառումներ եւ ահա կ՛ունենանք այսօրուան հասկացողութեամբ գաղութային կեանք։ Սփիւռքեան մամուլին ալ կարելի է տարեկան մէկ-երկու լրատուական յօդուած տրամադրել այդ առումով։
Սիրողական մակարդակով շատ բան կարելի է կազմակերպել, սակայն ո՛չ այն որակով որ մենք պէտք ունինք այսօր։ Մանաւանդ դժուար է մանուկներուն եւ պատանիներուն կարիքներուն գոհացում տալ ժամանակավրէպ դարձած միջոցներով։ Անոնք համոզումով եւ ո՛չ թէ խղճահարուած հոգեբանութեամբ կապուած պէտք է ըլլան հայ իրականութեան։
Ոչ-արհեստավարժական գետնի վրայ կրնանք անընդհատ հանդիպիլ, խօսիլ, նեղուիլ եւ հաշտուիլ, բայց հազիւ թէ մեր առջեւ ծառացած հարցերուն մակերեսը շօշափած կ՛ըլլանք։
Խորքը թափանցելու համար այլ ունակութիւններու պէտք ունինք, այլ մտածելակերպ պէտք է որդեգրենք եւ տարբեր կերպով մեր հսկողութեան տակ եղող գումարները օգտագործենք։ Նոր հազարամեակին՝ խաղի նոր օրէնքներով պէտք է առաջնորդուինք, եթէ անշուշտ շահագրգռուած ենք ազգային-հասարակական պայծառ եւ իմաստաւոր կեանք մը ունենալ։
No comments:
Post a Comment