Հրաչ Քալսահակեան
Վերջին օրերու անցուդարձերը (հայ – թրքական նախաստորագրուած համաձայնագրերուն հետ առնչուած) ցոյց տուին թէ քաղաքականապէս մեր գաղութները պատրաստ չէին ազգը յուզող եւ անոր շահերուն հետ կապուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Խօսքը չի վերաբերիր յախուռն ցոյցերուն, որքան վերոյիշեալ նիւթին մասին տեղեկատուութեան մակարդակին եւ վերլուծական ընդունակութիւններուն:
Հայութիւնը կարծես երկար թմբիրէ մը արթնցածի տպաւորութիւն ձգեց: Այնպէս մը եղաւ, որ ամիսներ, չըսելու համար տարիներ լճացած եւ ոչ մէկ քաղաքական կամ նոյնիսկ հասարակական թեմաներով զբաղող հայութենէն խնդրուեցաւ անմիջապէս կարծիք արտայայտել եւ աւելին՝ կեցուածք ունենալ:
Տասնամեակներ շարունակ հայութեան ազգային եւ հասարակական կեանքը լճացումէ - լճացում առաջնորդող տարրերը եւ հաւաքականութիւնները, պահանջեցին հայ ժողովուրդէն, որ ընդոստ ոտքի կանգնի եւ որպէսզի իրականանայ այդ մէկը, անոնք այնքա՜ն մեծ ահազանգ հնչեցուցին, որ շատերուն այնպէս թուեցաւ, թէ ամէն ինչ կորսնցնելու եզրին հասած ենք:
Հիմա որ, հայութեան ձայնը վայրկեանուան մը համար բարձրացաւ, արդե՞օք նոյն այդ փութկոտութեամբ պիտի չհրաւիրուի ժողովուրդը իր նախկին թմրածութեան: Չէ՛ որ շատերու համար անիկա այլ դեր չունի:
Ի՞նչ դաս կրնանք քաղել ուրեմն:
Պէտք է սովորական օրերու ընթացքին ևս ներգրաւել ժողովուրդը հասարակական կեանքին մէջ, որպէսզի, ճակատագրական պահերուն, ան կարենայ հասուն մտածողութիւն ցուցաբերել եւ իր ազգային մտահոգութիւնները բնական կարգով հետապնդել: