17 July 2009

Ուղղագրական սխալներու տարափ պատուոյ մատեանին մէջ

Հրաչ Քալսահակեան

Վերջերս բախտը ունեցայ այցելելու Սփիւռքի Նախարարութիւն: Նախ զարմանքով տեսայ որ նախարարութեան նստավայրը նոյնինքն անցեալի յայտնի Էրեբունի հիւրանոցին մէջ էր: Հիմա հիւրանոցը վերանորոգուած է եւ Էրեբունի Բլազա անունով գործարարական կեդրոնի վերածուած է՝ բոլորովին արդիական կերպարանքով:

Նախարարը ցանկութիւն կ՛ունենայ իմանալու Ծոցի երկիրներու հայութեան մասին եւ մանաւանդ Ազատ-Հայ կայքին մասին: Հանդիպումէն ետք զիս կը հրամցուի հիւրերու մատեանը, երկտող մը գրելու համար:

Կը թերթատեմ մատեանին էջերը եւ կը հանդիպիմ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութեան անունով գրուած խօսքին: Դպրոցը իմ յաճախած դպրոցս է, իսկ աշակերտական խմբակը վերջերս Երեւան գտնուած եւ Նախարարութիւն այցելած քսան հոգինոց խումբ մըն է:

Դժբախտաբար քսանը չանցնող բառերուն մէջ կային հինգէ աւելի սխալներ՝ յայտնենք, առիթ, անգամ եւ յառաջացած բառերը սխալ գրուած էին:

Արդեօք քսան հոգինոց խումբի մը մէջ ուղղագրական կանոններուն քաջատեղեակ անձ կարելի չեղա՞ւ գտնել:

Եթէ իսկապէս այսպիսի անմխիթար վիճակի մէջ է հայկական ամենէն յայտնի սփիւռքեան կրթական կառոյցը, գոնէ գրութիւնը նախապէս պատրաստուած ըլլար եւ պարզ ընդօրինակութիւն մը տեղի ունենար:

15 July 2009

Հայկական դպրոցը որպէս միացնող ազդակ

Հրաչ Քալսահակեան

Նախքին Իրաքահայ Լ. Դ., որ ներկայիս Հոլանտա հաստատուած է, երկար փնտռտուքէ վերջ կը գտնէ իր մանկութեան ընկերներէն մաս մը, իսկ մնացեալները տակաւին ան կը շարունակէ փնտռել՝ մտադրած ըլլալով հետեւողականօրէն կատարել այս գործը:

Հետաքրքիր է իմանալ թէ Լ. ընդամէնը 12 տարեկան եղած է երբ ընտանեօք հեռացած են Պաղտատէն: Բայց ան երեկուայ նման կը յիշէ բոլորը եւ սրտանց կը փափաքի գտնել զիրենք եւ կապերը վերահաստատել անոնց հետ:

Իսկ ինչը եղած է զինք այս քայլերուն առաջնորդող մղիչ ոյժը եւ իր պրպտումներուն տուն տուող դրդապատճառը: Պաղտատի տարրական վարժարանը, ուր բոլորը յաճախած են:

Այստեղ արդէն կը գծագրուի հայ աւանդական դպրոցին դերը, որպէս միացնող ուժ, այնպիսի հզօր միջոց որ ունի հաւատարմութեան եւ միասնութեան ալիք ստեղծելու կարողութիւն՝ թէկուզ երկար տարիներ վերջ, նոյնիսկ հազարաւոր քիլոմեթրեր անդին:

11 April 2009

Ազգային պարտաւորութիւններէն հրաժարելու պատրուակ

Հրաչ Քալսահակեան

Ներկայ դարու կարգախօսը ամէնուն յայտնի է այլեւս՝ դուրս գալ տեղական պատեանէն եւ մտնել համաշխարհայնացումի հոսանքին մէջ։

Սոյն կարգախօսը իր գործնական դրսեւորումները սկսած է ունենալ գրեթէ ամէն տեղ, այն աստիճան որ դարեր շարունակ ազգ մը բնորոշող յատկանիշները վտանգուած են՝ նորագոյն այս երեւոյթին դիմաց։

Մենք ալ յաճախ քայլ կ՛ուզենք պահել ժամանակակից զարգացումներուն հետ։ Միջոցներ կը փնտռենք լաւագոյնս ընկալելու եւ հաղորդակից դառնալու աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը տեղի ունեցող անցուդարձերուն։ Բայց կը մոռնանք թէ քաղաքակիրթ աշխարհը նշեալ հանգրուանին հասած է աստիճանաբար՝ այսինքն նախ տեղական հասարակութեան մակարդակով բարելաւուած են հաղորդակցութեան եւ փոխ-հասկացողութեան կապերը՝ որմէ ետք սկիզբ առած են նաեւ աշխարհագրական մերձաւոր տարածքներուն հետ զանազան առընչութիւնները։ Ի վերջոյ կարգը հասած է համաշխարհայնացումին։ Ուրեմն ամուր հիմեր ունենալով է որ հասարակութիւնը կրցած է ստանձնել նորանոր պարտաւորութիւններ։

Մեր պարագային այդքան փայլուն կամ յուսադրիչ չէ իրավիճակը։ Չունինք մեր գաղութներուն մէջ հասարակական գործունէութեան առողջ տուեալներ։ Արժէք ներկայացնող անձերը արդէն հեռացուած են պաշտօններէ՝ հրապարակը յանձնելով այնպիսի անձերու, որոնք իրենց ակումբի կամ բարեկամական շրջանակներու սահմաններէն անդին տեսնելու ո՛չ հնարաւորութիւնը եւ ո՛չ ալ մանաւանդ կարիքը ունին։

Մերձակայ Իրաքի հայ գաղութին նկատմամբ մեր վերաբերմունքը պերճագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ վատառողջ մեր մտածողութեան։ Իրաքահայ աղիտահար գաղութը հետըզհետէ կը նօսրանայ։ Հոն գտնուողներուն ֆիզիքական գոյութիւնը ուղղակիօրէն վտանգուած է, իսկ մերձակայ հայկական գաղութները զօրակցական կամ մխիթարական խօսք անգամ չեն յղեր։ Ոչ մէկ զգացական վերաբերմունք կը ցուցաբերուի բախտի քմահաճոյքին յանձնուած մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ, ոչ իսկ ձեւական որեւէ կարգադրութիւն կը ձեռնարկուի (նպաստի կամ օժանդակութեան հաւաք)։ Ոչ մէկ նշում կայ անոնց մասին ազգային մեր պաշտօնական կամ անպաշտօն հաւաքներուն կամ նոյնիսկ աղօթքներուն մէջ։

Այսքանն անգամ զլանալով նախկին մեր բախտակիցներուն (որոնց հետ պատմական նոյն փորձանքները կիսած ենք), ինչպէ՞ս ուրեմն իրաւունք պիտի ունենանք համաշխարհայնացումի մասին բարձրաղաղակ արտայայտուելու։

Տեղական պատեանէն դուրս գալու մեր հաւակնութիւնները, ազգային պարտաւորութիւններէն հրաժարելու պատրուակ պէտք չէ ծառայեն։

11 March 2009

Խաղի նոր օրէնքներ

Հրաչ Քալսահակեան

Ազգային-հասարակական կեանքը շատերուն համար այն նոյն, միապաղաղ եւ ընդհանրապէս գուշակելի կեանքն է, որ եկած է անցեալէն եւ պիտի նոյնութեամբ շարունակուի՝ մինչեւ նոր տնօրինութիւն։

Շատ դժուար չէ նման կեանք մը պահպանելը (կամ քաշքշելը)։ Տարեկան մէկ-երկու հաւաք, աւանդական քանի մը յանձնախումբեր, պատահական կարգ մը միջոցառումներ եւ ահա կ՛ունենանք այսօրուան հասկացողութեամբ գաղութային կեանք։ Սփիւռքեան մամուլին ալ կարելի է տարեկան մէկ-երկու լրատուական յօդուած տրամադրել այդ առումով։

Սիրողական մակարդակով շատ բան կարելի է կազմակերպել, սակայն ո՛չ այն որակով որ մենք պէտք ունինք այսօր։ Մանաւանդ դժուար է մանուկներուն եւ պատանիներուն կարիքներուն գոհացում տալ ժամանակավրէպ դարձած միջոցներով։ Անոնք համոզումով եւ ո՛չ թէ խղճահարուած հոգեբանութեամբ կապուած պէտք է ըլլան հայ իրականութեան։

Ոչ-արհեստավարժական գետնի վրայ կրնանք անընդհատ հանդիպիլ, խօսիլ, նեղուիլ եւ հաշտուիլ, բայց հազի‏ւ թէ մեր առջեւ ծառացած հարցերուն մակերեսը շօշափած կ՛ըլլանք։

Խորքը թափանցելու համար այլ ունակութիւններու պէտք ունինք, այլ մտածելակերպ պէտք է որդեգրենք եւ տարբեր կերպով մեր հսկողութեան տակ եղող գումարները օգտագործենք։ Նոր հազարամեակին՝ խաղի նոր օրէնքներով պէտք է առաջնորդուինք, եթէ անշուշտ շահագրգռուած ենք ազգային-հասարակական պայծառ եւ իմաստաւոր կեանք մը ունենալ։

14 February 2009

Ծիսական ժողովրդավարութիւն

Հրաչ Քալսահակեան

Ամէն կրօն եւ վարդապետութիւն իրեն յատուկ ծիսական բաժինը մը ունի, որ երբեմն այնքան տիրական կը դառնայ, որ նոյն այդ կրօնին կամ վարդապետութեան էութեանը վնաս կը հասցնէ։

Ժողովրդավարութիւնն ալ անկասկած իր ծիսապաշտական կողմն ունի, մանաւանդ մեր մօտ՝ ազգ մը, որ շատ անգամ միջազգային լրագրողներուն կողմէ յիշուած է որպէս Միջին Արեւելքի ամենէն յառաջադէմը։

Բայց խորքին մէջ մեր ժողովրդավարութիւնը տօնական օրերու յատուկ զարդարանքի կը նմանի։

Ակնարկ մը մեր համագաղութային մարմիններուն վրայ եւ պիտի անմիջապէս նկատենք թէ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ մարմիններէն միայն մէկը կամ երկուքը տարբեր մտածողութեան տէր անձերու ներկայութիւնը հանդուրժած են կամ կը հանդուրժեն։ Այս երեւոյթը ի հարկէ շեշտուած է մանաւանդ այսպէս կոչուած գաղափարական շրջագիծէն ներս, սակայն իր դրոշմը ձգած է նոյնիսկ մշակութային եւ երբեմն հայրենակցական միաւորումներուն վրայ։ Օրինակի համար, Էմիրութիւններու մէջ գործող Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան անդամներուն ընտրութեան չափանիշը, մշակութային հմտութիւնը կամ կարողականութիւնը չէ, իսկ Հալէպի մէջ գործող Ուր‎Ֆայի Վերածնունդ Միութեան անդամ կրնայ ըլլալ որեւէ այլ քաղաքէ սերած անձ՝ պայմանաւ որ գաղափարական գետնի վրայ ունենայ նախապէս սահմանուած տուեալներ։

Յարմարուած անձեր շատ կան, որոնց համար ազգային գործը ժամանցի մէկ տեսակ է, ուրեմն ինչո՞ւ այդ պահերը չբաժնել նոյն նախասիրութիւնները ունեցող անձերու հետ։ Այսպիսիներուն համար, ամէն գնով ժողովրդավար ըլլալը երբեք ալ ձեռնտու չէ:

08 January 2009

Մրցակցութան ոգին

Հրաչ Քալսահակեան

Բաւական հանդարտ ժամանակաշրջանէ մը ետք, Էմիրութիւններու մեր գաղութը այս վերջին ամիսներուն վերաշխուժացած կը թուի ըլլալ։ Պատճառներէն մէկը, ըստ երեւոյթին, նոր Ազգային Վարչութեան մը կազմուիլն է։

Ազգեր եւ պետութիւններ արդէն գիտեն թէ մրցակցութեան ոգին շատ մը իրագործումներու մղիչ ուժն է։

Մեր մօտ սակայն տարբեր մտածողութիւն կը տիրէ, համաձայն որուն գաղութային կեանքը պէտք է անպայման միատեսակ եւ միանշանակ ընթանայ։ Ազգային Վարչութիւնը խորթ աչքով կը նայի իր ծիրէն դուրս եղող գործունէութիւններուն վրայ: Որեւէ տարբեր դրսեւորում կամ աշխատանք, տեսակ մը մարտահրաւէր կամ նոյնիսկ վտանգաւոր ոտնձգութիւն կը նկատէ հասարակական դաշտին մէջ:

Մեր գոյութիւնը օտար երկիրներու մէջ կախեալ եղած է տեղացի բնակչութեան դրական եւ բարեացակամ վերաբերմունքէն։ Ուրեմն ինչո՞ւ նոյն ոգիով չմօտենանք մեր հայրենակիցներուն եւ բարձրաձայն չքաջալերենք անոնց այս կամ այն ազգանպաստ նախաձեռնութիւնը։