Հրաչ Քալսահակեան
Ամէն կրօն եւ վարդապետութիւն իրեն յատուկ ծիսական բաժինը մը ունի, որ երբեմն այնքան տիրական կը դառնայ, որ նոյն այդ կրօնին կամ վարդապետութեան էութեանը վնաս կը հասցնէ։
Ժողովրդավարութիւնն ալ անկասկած իր ծիսապաշտական կողմն ունի, մանաւանդ մեր մօտ՝ ազգ մը, որ շատ անգամ միջազգային լրագրողներուն կողմէ յիշուած է որպէս Միջին Արեւելքի ամենէն յառաջադէմը։
Բայց խորքին մէջ մեր ժողովրդավարութիւնը տօնական օրերու յատուկ զարդարանքի կը նմանի։
Ակնարկ մը մեր համագաղութային մարմիններուն վրայ եւ պիտի անմիջապէս նկատենք թէ բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ մարմիններէն միայն մէկը կամ երկուքը տարբեր մտածողութեան տէր անձերու ներկայութիւնը հանդուրժած են կամ կը հանդուրժեն։ Այս երեւոյթը ի հարկէ շեշտուած է մանաւանդ այսպէս կոչուած գաղափարական շրջագիծէն ներս, սակայն իր դրոշմը ձգած է նոյնիսկ մշակութային եւ երբեմն հայրենակցական միաւորումներուն վրայ։ Օրինակի համար, Էմիրութիւններու մէջ գործող Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան անդամներուն ընտրութեան չափանիշը, մշակութային հմտութիւնը կամ կարողականութիւնը չէ, իսկ Հալէպի մէջ գործող ՈւրՖայի Վերածնունդ Միութեան անդամ կրնայ ըլլալ որեւէ այլ քաղաքէ սերած անձ՝ պայմանաւ որ գաղափարական գետնի վրայ ունենայ նախապէս սահմանուած տուեալներ։
Յարմարուած անձեր շատ կան, որոնց համար ազգային գործը ժամանցի մէկ տեսակ է, ուրեմն ինչո՞ւ այդ պահերը չբաժնել նոյն նախասիրութիւնները ունեցող անձերու հետ։ Այսպիսիներուն համար, ամէն գնով ժողովրդավար ըլլալը երբեք ալ ձեռնտու չէ:
14 February 2009
08 January 2009
Մրցակցութան ոգին
Հրաչ Քալսահակեան
Բաւական հանդարտ ժամանակաշրջանէ մը ետք, Էմիրութիւններու մեր գաղութը այս վերջին ամիսներուն վերաշխուժացած կը թուի ըլլալ։ Պատճառներէն մէկը, ըստ երեւոյթին, նոր Ազգային Վարչութեան մը կազմուիլն է։
Ազգեր եւ պետութիւններ արդէն գիտեն թէ մրցակցութեան ոգին շատ մը իրագործումներու մղիչ ուժն է։
Մեր մօտ սակայն տարբեր մտածողութիւն կը տիրէ, համաձայն որուն գաղութային կեանքը պէտք է անպայման միատեսակ եւ միանշանակ ընթանայ։ Ազգային Վարչութիւնը խորթ աչքով կը նայի իր ծիրէն դուրս եղող գործունէութիւններուն վրայ: Որեւէ տարբեր դրսեւորում կամ աշխատանք, տեսակ մը մարտահրաւէր կամ նոյնիսկ վտանգաւոր ոտնձգութիւն կը նկատէ հասարակական դաշտին մէջ:
Մեր գոյութիւնը օտար երկիրներու մէջ կախեալ եղած է տեղացի բնակչութեան դրական եւ բարեացակամ վերաբերմունքէն։ Ուրեմն ինչո՞ւ նոյն ոգիով չմօտենանք մեր հայրենակիցներուն եւ բարձրաձայն չքաջալերենք անոնց այս կամ այն ազգանպաստ նախաձեռնութիւնը։

Labels:
Ժողովրդավարութիւն,
Հանդուրժողութիւն
Location:
Dubai - United Arab Emirates
Subscribe to:
Posts (Atom)