17 July 2009

Ուղղագրական սխալներու տարափ պատուոյ մատեանին մէջ

Հրաչ Քալսահակեան

Վերջերս բախտը ունեցայ այցելելու Սփիւռքի Նախարարութիւն: Նախ զարմանքով տեսայ որ նախարարութեան նստավայրը նոյնինքն անցեալի յայտնի Էրեբունի հիւրանոցին մէջ էր: Հիմա հիւրանոցը վերանորոգուած է եւ Էրեբունի Բլազա անունով գործարարական կեդրոնի վերածուած է՝ բոլորովին արդիական կերպարանքով:

Նախարարը ցանկութիւն կ՛ունենայ իմանալու Ծոցի երկիրներու հայութեան մասին եւ մանաւանդ Ազատ-Հայ կայքին մասին: Հանդիպումէն ետք զիս կը հրամցուի հիւրերու մատեանը, երկտող մը գրելու համար:

Կը թերթատեմ մատեանին էջերը եւ կը հանդիպիմ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութեան անունով գրուած խօսքին: Դպրոցը իմ յաճախած դպրոցս է, իսկ աշակերտական խմբակը վերջերս Երեւան գտնուած եւ Նախարարութիւն այցելած քսան հոգինոց խումբ մըն է:

Դժբախտաբար քսանը չանցնող բառերուն մէջ կային հինգէ աւելի սխալներ՝ յայտնենք, առիթ, անգամ եւ յառաջացած բառերը սխալ գրուած էին:

Արդեօք քսան հոգինոց խումբի մը մէջ ուղղագրական կանոններուն քաջատեղեակ անձ կարելի չեղա՞ւ գտնել:

Եթէ իսկապէս այսպիսի անմխիթար վիճակի մէջ է հայկական ամենէն յայտնի սփիւռքեան կրթական կառոյցը, գոնէ գրութիւնը նախապէս պատրաստուած ըլլար եւ պարզ ընդօրինակութիւն մը տեղի ունենար:

15 July 2009

Հայկական դպրոցը որպէս միացնող ազդակ

Հրաչ Քալսահակեան

Նախքին Իրաքահայ Լ. Դ., որ ներկայիս Հոլանտա հաստատուած է, երկար փնտռտուքէ վերջ կը գտնէ իր մանկութեան ընկերներէն մաս մը, իսկ մնացեալները տակաւին ան կը շարունակէ փնտռել՝ մտադրած ըլլալով հետեւողականօրէն կատարել այս գործը:

Հետաքրքիր է իմանալ թէ Լ. ընդամէնը 12 տարեկան եղած է երբ ընտանեօք հեռացած են Պաղտատէն: Բայց ան երեկուայ նման կը յիշէ բոլորը եւ սրտանց կը փափաքի գտնել զիրենք եւ կապերը վերահաստատել անոնց հետ:

Իսկ ինչը եղած է զինք այս քայլերուն առաջնորդող մղիչ ոյժը եւ իր պրպտումներուն տուն տուող դրդապատճառը: Պաղտատի տարրական վարժարանը, ուր բոլորը յաճախած են:

Այստեղ արդէն կը գծագրուի հայ աւանդական դպրոցին դերը, որպէս միացնող ուժ, այնպիսի հզօր միջոց որ ունի հաւատարմութեան եւ միասնութեան ալիք ստեղծելու կարողութիւն՝ թէկուզ երկար տարիներ վերջ, նոյնիսկ հազարաւոր քիլոմեթրեր անդին: